2011-06-09 12:23:36

Փղոսկրեայ Ափունքի Եպիսկոպոսներուն Կոչը <<Մարդասիրական Օժանդակութիւնները Յարգելու Են Ազգերու Իրաւունքները>> ։


Հաստատօրէն կը դատապատենք ոեւէ բռնատիրութիւն եւ բոլոր կայսերապաշտութիւնները...համախոհ ենք ժողովրդավար օրէնքներու իրագործման եւ ժողովուրդի ազատ կամքի ձգտումներուն որոնք կ՛արտայայտուին քուէարկութեամբ։
Այս է արեւմտային Ափրիկէի եպիսկոպոսներու յայտարարութեան բովանդակութիւնը, ի տես Փղոսկրեայ Ափունքի եւ Լիպիայի մէջ պատահած արարքներուն։ Յայտարարութեան մէջ կը կարդանք <<Կը դատապարտենք ափրիկեցի ղեկավարները որոնք իրենք զիրենք ցկեանս նախագահ կը հռչակեն եւ յաճախ խարդախուած ընտրութիւններու կը դիմեն, իշխանութեան գլուխը մնալու նպատակով։>> Եպիսկոպոսները ապա կոչ կ՛ուղղեն ՄԱԿԻ-ն, հետազօտելու Փղոսկրեայ Ափունքի արտաքին միջամտութիւններու օրինականութիւնը, որով շատ անգամ Փղոսկրեայ ափունքի բնակչութեան իրաւունքներու դէմ միջամտութիւններ հանդիսացած են։ Միջազգային Հասարակութեան եւ Մակի ուղղուած կոչին մէջ եպիսկոպոսները կը հրաւիրեն << կազմել համաշխարհային կառավարական վարչութիւն մը հիմնուած բարոյական հիմերու վրայ>> ու կը հրաւիրեն եկեղեցական պատասխանատուները ամէն ջանք թափել գործելու՝ հաշտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան ի նպաստ , Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ հաստատելով որ ատելութիւնը եւ բռնութիւնները յաճախ պարտութեան նշաններ են եւ առանց ապագայի ճանապարհ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.